ԱՂՕԹՔ ԲԱՐԻ ՕՐՈՒԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

Ո՜վ Տէր, դուն՝ խաղաղութեան առաւօտ՝ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, քու պայծառ արեգակդ ծագէ այսօր իմ վրաս եւ լոյսովդ ու բարութեամբդ ողողէ զիս, որպէսզի ամբողջ օրուան ընթացքին զիս առաջնորդեն խաղաղութեան եւ յաջողութեան ճամբաներուն մէջ:

Բարի օր մը պարգեւէ ինծի, ո՜վ ամենաբարի Տէր: Ըրէ այնպէս՝ որ սիրտս քու սիրովդ եւ քաղցրութեամբըդ լեցուի, եւ ես ալ քու բարութեանդ ցոլացումը ըլլամ շրջապատիս մէջ.

– Ժխտական կեցուածքներու դիմաց դրական ներկայութիւն ըլլամ, խեղճն ու տկարը ոտնակոխ չընեմ, ցաւին ու տագնապին անտարբեր չմնամ, այլ՝ անհանդուրժողութեան դիմաց լայն բանամ սիրտս, նախանձին ու ատելութեան դիմաց սիրոյդ վահանովը զրահուիմ ու պաշտպանուիմ, տրտունջքներու դառնութեան դիմաց քու քաղցր ցօղդ ըլլամ, զրպարտութեան եւ չարութեան ալիքներուն դիմաց քու ցուցաբերած անսահման հասկացողութեանդ, համբերութեանդ եւ ներողամտութեանդ փոքրիկ մէկ կաթիլը դառնամ, եւ՝ ընդհակառակը՝ անժպիտ մարդոց ժպիտ մը բերեմ, անուրախ մարդոց սիրտը ուրախացնեմ, յուսահատ մարդոց յաւիտենական կեանքի յոյսը տամ, անսէր մարդոց սէր բաշխեմ, սառնացեալ սիրտերը սիրովդ ջերմացնեմ, եւ քու սուրբ անունովդ կնքեմ եւ քեզի համար կամարեմ ու տաճարացնեմ անոնց հոգիները:

Յաւիտեան քո՛ւկդ եմ, Տէր, տո՜ւր որ մարդկային միտքերուն անհասանելի քու սիրոյդ ամբողջական տարողութիւնը ճանչնամ, հասկընամ եւ ապրիմ, եւ քո՛ւ իմաստութեամբդ լեցուր զիս, որպէսզի հասնիմ հաւատքի չափահասութեան, քու կատարեալ նմանութեանդ:

Թող քեզի համար պատրաստ եւ ընտիր անօթ մը ըլլամ, եւ իմ խորհուրդներս, խօսքերս ու գործերս միայն ու միայն ծառայեն կամքդ կատարելու եւ քե՛զ փառաբանելու, Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից:

Ամէն:

Добавить комментарий

Ваш адрес email не будет опубликован. Обязательные поля помечены *